Հայ Սամպիստները Երեք Մետալ Նուաճած են

Աշխարհ, Հայաստան

Սամպոյի աշխարհի 2021թ. պատանեկան ու երիտասարդական առաջնութիւններու առաջին օրը՝ հայ սամպիստները նուաճած են երեք մետալ՝ ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Աշխարհի պատանեկան առաջնութեան ախոյեան դարձած է 64 քկ քաշային Մեսրոպ Նիկոյեանը, երիտասարդական առաջնութեան փոխ ախոյեան դարձած է +98 քկ քաշային Դաւիթ Յարութիւնեանը, իսկ պատանիներէն՝ 58 քկ քաշայիններու կարգին Աշիկ Անդրեանը նուաճած է պրոնզէ մետալ: