Ազրպէյճանի «Ռազմավարի Պուրակ»-էն Մարդակերպերը Եւ Սաղաւարտները Վերցուեցան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի պահանջով՝ Պաքուի «Ռազմավարի պուրակ»-էն վերցուեցան բոլոր մարդակերպերը («մանըքէն») եւ սաղաւարտները: Այս մասին Առաջին ալիքի «Լուրեր» լրատուական ծրագիրէն յայտնեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի, Հաաքայի դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան:

«Ազրպէյճանական կողմը ներկայացուցած է հաւաստիացում, որ այդ «Ռազմավարի պուրակ»-էն հանուած են մարդակերպերը, սաղաւարտները: Ատիկա կարեւորագոյն հանգամանք է շեշտելու համար, որովհետեւ փաստացի ատիկա կատարուած է Հայաստանի կողմէ հայցը ներկայացնելէն ետք ինկած ժամանակահատուածին»,- յայտնեց Հայաստանի շահերու ներկայացուցիչը Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ:

Հայկական կողմը, սակայն, կը պահանջէ պուրակը ամբողջութեամբ փակել։

Եղիշէ Կիրակոսեան նաեւ ըսաւ, որ Հայաստան ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Ազրպէյճանի դէմ ներկայացուած գործով լսումներուն առաջին օրը կրցաւ լաւագոյնս ներկայացնել իր դիրքորոշումը, ապացոյցները, փաստերը՝ դատարանէն ակնկալելով ականջալուր ըլլալ համոզիչ ապացոյցներուն։