
Հաագայի Դատարանին Մէջ ՀՀ Ներկայայցուցիչը Կոչ Ըրած է Ազրպէյճանի Դէմ Հրատապ Միջոցներ Ձեռնարկելու
Այսօր ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ՝ «Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով լսումներուն ընթացքին ՄԻԵԴ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան ներկայացուցած է բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք կը վկայեն Ազրպէյճանի կողմէ ցեղական զտման մտադրութեան, հայ գերիները խոշտանգելու, նուաստացնելու մասին:
«ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը պէտք է միջանկեալ միջոցներ ձեռնարկէ Ազրպէյճանի դէմ ՝ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած ցեղական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային պայմանագրի խախտման վերաբերեալ հայցի քննարկման ընթացքին: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հայերուն հանդէպ դաժանութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ իրենց վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային արժէքները ոչնչացնելու քաղաքականութիւնը: Ազգութեամբ պայմանաւորուած ատելութիւնը այնքան տարածուած է, որ անկէ կը տառապի գրեթէ ողջ ազրպէյճանական հասարակութիւնը։ Սերունդէ սերունդ կը սերմանեն վախ եւ ատելութիւն ամէն ինչի նկատմամբ, որ կապուած է Հայաստանի հետ»,- յայտարարած է Կիրակոսեան։
ՀՀ ներկայացուցիչին հաւաստիացումով՝ այս հայցով Հայաստանը կը ձգտի կանխել ու հատուցում ստանալ հայերուն նկատմամբ կատարուած պարբերական բռնութիւններու եւ ատելութեան դրսեւորումներու դիմաց։
«Հրատապ միջոց կիրառելու միջնորդութեամբ Հայաստանը շտապ կը փորձէ պաշտպանել հայերու իրաւունքները աոանց սպառնացող անփոխհատուցելի վնասէն»,- նշած է Եղիշէ Կիրակոսեան` աւելցնելով, որ դիմումը եւ հրատապ միջոց կիրառելու միջնորդութիւնը հիմնուած են «Ցեղական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» միջազգային պայմանագրին վրայ։
Անոր նշումով՝ Հայաստանը գանգատ ներկայացուցած է, քանի որ անգամ հիմա, երբ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն անցած է մօտ մէկ տարի, բայց եւ Ազրպէյճանը կը շարունակէ հայատեացութիւնը. «Ազրպէյճանը գերեվարած, խոշտանգած, կամայական ձերբակալած է բազմաթիւ հայ զինծառայողներ եւ խաղաղ բնակիչներ եւ այժմ ալ կը շարունակէ ոչնչացնել հայկական մշակութային ժառանգութիւնն ու կրօնական վայրերը կամ կը ժխտէ անոնց հայկական ըլլալը»:
ՀՀ ներկայացուցիչը Հաագայի դատարանին մէջ յայտարարած է, որ հայերու նկատմամբ ատելութիւնը Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը քարոզէ ամէնօրեայ մակարդակով, եւ արդէն քանի մը սերունդ դաստիարակուած է հայերու եւ հայկական ամէնի նկատմամբ ատելութեամբ ու վախով։ Այդ քարոզչութեան համաձայն՝ ցանկացած հայկական հետք, որ կը գտնուի Պաքուի տիրապետութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, կամ կ՝ոչնչացուի, կամ կը կեղծուի։
Յիշեցնենք՝ Սեպտեմբեր 16-ին Հայաստանը ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ գանգատ ներկայացուցած է Ազրպէյճանի դէմ `«Ցեղական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային պայմանագրի» համաձայն: