
Ֆրանսիս Քիւրքճեան՝ «Տիոր»ի Անուշահոտերու Բաժնի Տնօրէն
Ֆրանսական աշխարհահռչակ «Քրիսթիան Տիոր» ապրանքանիշի անուշահոտերու բաժնի տնօրէն նշանակուած է Ֆրանսիս Քիւրքճեանը, որ այդ պաշտօնին կը փոխարինէ Ֆրանսուա Տըմաշին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։
Քիւրքճեան միշտ մեծ դեր ունեցած է անուշահոտերու աշխարհին մէջ։ Ան, տակաւին 25 տարիքը հազիւ բոլորած՝ Ժան Փօլ Կոթիէի նշանաւոր «Լը Մալ» (Le Mâle) անուշահոտը յառաջացուց, նախքան 2005ին իր միանալը «Քաքասակօ» (Takasago) ընկերութեան: 2009ին Մարք Շայայի հետ ան հիմնեց իր անունը կրող անուշահոտերու նոր ընկերութիւն մը, որուն դրամագլուխին մէկ մասը 2017ին վաճառեց աշխարհի առաջատարներէն LVMH խումբին (որուն կը պատկանի նաեւ Քրիսթիան Տիորի անուշահոտերու բաժինը):
Քիւրքճեան հեղինակն է «Տիոր»ի սեփական հաւաքածոյի առասպելական «Օ Նուար»ին (Eau Noire) եւ «Քոլոյն Պլանշ»ին (Cologne Blanche): Իր ասպարէզի ընթացքին Քիւրքճեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու իր ստեղծած անուշահոտերուն համար, իսկ 2009-ին ան պարգեւատրուած է «Արուեստի եւ գրականութեան ասպետ»ի շքանշանով:
«Անուշահոտերու՝ խոր երեւակայութեան տէր եւ խանդավառ այս արուեստագէտ»ը, ինչպէս կը բնութագրէ Քրիսթիան Տիորի անուշահոտերու բաժինի նախագահ գործադիր տնօրէն Լօրան Քլէյթման, հեղինակն է նաեւ գեղարուեստական բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու, ինչպէս օրինակ՝ արուեստագէտ Սոֆի Քալի համար անոր ստեղծած «Դրամի Հոտը», Մարի Անթուանէթ թագուհիի անուշահոտի վերա-մեկնաբանումը, Վերսայ պալատի պարտէզներուն կամ Փարիզի Մեծ պալատին մէջ արձակուած բոյրերը:
Ան նաեւ հիմնադիրն է «Փեր Ֆիւմիւմ» (Per Fumum) նպաստամատոյց հիմնադրամին, որ
նախատեսուած է անուշահոտերու վերաբերող զանազան նախաձեռնութիւններու աջակցելու համար:
Նշենք, որ հայ հօրմէ եւ ֆրանսացի մօրմէ Փարիզ ծնած Քիւրքճեան 52 տարեկան է։