Թուրքիան Երեւանին Կոչ Ըրած է Արցախի Ականապատ Դաշտերու Քարտէզները Պաքուին Յանձնելու

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանը մօտ ապագային պէտք է դրական քայլեր ձեռնարկէ ականապատ դաշտի քարտէզներու փոխանցման հարցը պարզեցնելու եւ համագործակցութեան ու խաղաղութեան յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն: Ան նաեւ ընդգծած է, որ նման գործողութիւնները պիտի օգնեն արագացնելու Ղարաբաղի վերականգնման գործընթացը:

«Հայաստանը պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ այդ տարածքներուն մէջ տեղադրուած ականներու բոլոր քարտէզները փոխանցէ Ազրպէյճանին: Ի վերջոյ, տարածքները պէտք է մաքրուին ականներէն, որպէսզի մարդիկ իրենց կեանքը չկորսնցնեն հայրենի հողերուն վրայ: Հարազատ Ազրպէյճանը երբեք միայնակ չէ եղած, մենք երբեք միայնակ չենք ձգեր Ազրպէյճանը: Թող բոլորը գիտնան այս մասին»,- ըսած է Չաւուշօղլուն:

Անոր խօսքով՝ այս պահուն անհրաժեշտ է տարածքները մաքրել ականներէն, որոնք այնտեղ տեղադրած են հայերը: Ատոր համար, ինչպէս ան նշած է, այսօր բաւականաչափ ճարտարագիտութիւն կայ: