
Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Սկսած Պատերազմին Զօրակցած 12 Իրանցի Բանտարկութեան Դատապարտուեցաւ
Իրանեան դատարան մը արձակեց վճիռ մը 12 ազրպէյճանցի գործիչներու հարցով, որ կը վերաբերի անցեալ տարուան 28 Սեպտեմբերին, Իրանի Արտեպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ցոյցին, որ կազմակերպուած էր՝ իբրեւ զօրակցութիւն Արցախի դէմ Ազրպէյճանի բանակին շղթայազերծած գործողութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում կատարելով իրանեան աղբիւրներու՝ կը հաղորդեն, որ անոնք դատապարտուած են 15 տարուան բանտարկութեան` «իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն չենթարկուելու, անկարգութիւններ հրահրելու եւ անկարգութիւններ իրականացնելու» յանցանքներով:
Բացի այդ, դատավճիռով անոնք դատապարտուեցան մտրակի 74 հարուածներու` «հասարակական կարգի կոպիտ խախտման» յանցանքով: