Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած Յուշադրամ Թողարկուած է

Հայաստան

ՀՀ կեդրոնական դրամատունը 2021 Հոկտեմբեր 13-ին շրջանառութեան մէջ դրաւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեակ» արծաթէ յուշադրամը։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կեդրոնական դրամատունը:

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928 թթ.) հայ մեծանուն երաժշտահան է, խմբավար, մանկավարժ, երաժշտական-հասարակական գործիչ, ՀԽՍՀ ժողովրդական արտիստ (1926 թ.):

1892-1894 թթ. ուսումնասիրած է քոմփոզիցիայի տեսութիւն Ն. Գլենովսքիի մօտ` Մոսկուայի մէջ, 1896-1900 թթ.` Ն. Ռիմսքի-Գորսաքովի մօտ` Փեթերզպուրկի մէջ: Ապրած է Ղրիմի մէջ, ծաւալած է խմբավարական եւ երաժշտահասարակական գործունէութիւն: իբրեւ երաժշտահան ձեւաւորուած է ռուսական եւ հայկական մշակոյթներու ազդեցութեամբ։

1924 թ-էն Սպենդիարեանը ապրած է Երեւանի մէջ: Այդ շրջանին ստեղծած է «Երեւանեան էտիւդները» եւ աւարտին հասցուցած է հայկական երաժշտական թատրոնի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ «Ալմաստ» հերոսահայրենասիրական օփերան (ըստ Յ. Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» պոէմի, լիբրետոն` Ս. Պարնոկի):

Սպենդիարեանը մեծ դեր ունեցած է հայկական ազգային երաժշտահանութեան դպրոցի ձեւաւորման գործին մէջ՝ հարստացուցած է հայկական երաժշտութիւնը նոր թեմաներով, ընդարձակած ժանրերը, հիմք դրած հայկական ազգային սիմֆոնիզմին։ Անոր «Ղրիմի էսքիզները», «Երեք արմաւենի», «Երեւանեան էտիւդները» եւ այլ սիմֆոնիկ գործեր հայկական սիմֆոնիկ երաժշտութեան դասական նմուշներ են:

Երեւանի մէջ ստեղծուած է Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը: Երաժշտահանի անունը կը կրեն Երեւանի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնը (1933 թ.) եւ թիւ 1 երաժշտական դպրոցը:

Դիմերես՝ Սպենդիարեանի յուշարձանը (քանդակագործներ` Ա. Սարգսեան, Ղ. Չուբարեան, ճարտարապետներ` Գ. Աղաբաբեան, Ֆ. Դարբինեան, 1953 թ.)` Օփերայի եւ պալէի թատրոնի շէնքի (ճարտարապետ` Ա. Թամանեան, 1932 թ.) ֆոնին, եւ պարուհի:

Դարձերես՝ Սպենդիարեանի դիմապատկերը, «Երեք արմաւենի» ստեղծագործութեան նոթաների էջեր, ջութակի, թանաքամանի եւ արմաւենիներու ոճաւորուած պատկերներ:

Էսքիզներու հեղինակ՝ Վարդան Վարդանեան:

Յուշադրամը հատուած է Լիթվիայի դրամահատարանին մէջ:

Յուշադրամի ճարտարագիտական չափանիշները

Անուանական արժէքը՝ 1000 դրամ

Մետաղը/յարգը՝ արծաթ 9250

Քաշը՝ 33,6 գ

Տրամագիծը՝ 40,0 մմ

Որակը՝ փրուֆ

Դրամաշուրթը՝ ատամնաւոր

Թողարկման քանակը՝ 500 հատ

Թողարկման տարեթիւը՝ 2021

Ծանուցում

Յուշադրամները թանկարժէք մետաղներէ պատրաստուած դրամներ են, որոնք կը թողարկուին երկրի ազգային, միջազգային, պատմամշակութային, հոգեւոր եւ այլ արժէքները հասարակութեան ներկայացնելու, զանոնք մետաղի տեսքով յաւերժացնելու, ինչպէս նաեւ դրամագիտական շուկայի պահանջարկը բաւարարելու նպատակով:

Ինչպէս ցանկացած դրամ, յուշադրամները ունին անուանական արժէք, որմով եւ կը ներկայանան իբրեւ վճարամիջոց: Սակայն յուշադրամներու անուանական արժէքը շատ աւելի ցած է ինքնարժէքէն, որ բաղկացած է յուշադրամի պատրաստման համար օգտագործուած թանկարժէք մետաղի արժէքէն, արտադրութեան եւ այլ ծախսերէ: Ցած անուանական արժէքն ու բարձր ինքնարժէքը հնարաւորութիւն կու տան այս տեսակի դրամը դիտարկելու ոչ թէ իբրեւ դրամաշրջանառութեան մէջ օգտագործուող վճարամիջոց, այլ իբրեւ հաւաքորդական առարկայ: Յուշադրամները ունին նաեւ ՀՀ կեդրոնական դրամատան կողմէ սահմանուած վաճառքի գին:

Յուշադրամները՝ հանդիսանալով հաւաքորդական առարկայ, կը թողարկուին խիստ սահմանափակ քանակով եւ չեն վերաթողարկուիր:

Դրամագէտները, հաւաքորդներն ու պարզապէս ցանկացողները կրնան գնել ՀՀ յուշադրամները ՀՀ կեդրոնական դրամատան «Դրամագէտ» վաճառասրահէն, որ կը գործէ դրամատան մէջ եւ բաց է բոլորի համար: