ՀՀ Նախագահը Վենետիկի Հրապարակին Վրայ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց «Հայրենիքի Խորանին»

Աշխարհ, Հայաստան

Իտալիոյ Հանրապետութիւն պետական այցելութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հռոմի մէջ այցելած է Վենետիկի հրապարակ, ուր զայն դիմաւորած են Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Լորենցօ Կուերինին եւ բարձրաստիճան զինուորականներ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ նախագահի գրասենեակէն փոխանցուած տեղեկութիւններէն։

Հայաստանի նախագահը ծաղկեպսակ դրած է եւ յարգանքի տուրք մատուցած՝ «Հայրենիքի Խորանին»: