
44-օրեայ Պատերազմի Մասնակիցներուն Լսողութիւնը Բարելաւող Սարքեր Կը Տրամադրուին Հոգատար Հայրենակիցներու Ջանքերով
Երեւանի մէջ մեկնարկած է արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին լսողական խնդիրներ ստացած՝ հայրենիքի պաշտպաններուն լսողական սարքեր տրամադրելու ծրագիր։ Անիկա կ՝իրականացուի «Արաբկիր» միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամի, «Արաբկիր» բժշկական համալիրի, Լոս Անճելըսի «Հայաստան. լսողութեան աջակցութիւն ծրագրի» հիմնադիր Գաւուգճեան ընտանիքի եւ հայ համայնքի բարերարներու գործուն ջանքերուն շնորհիւ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը։
Հայրենիքի պաշտպանները, որոնք ունին լսողական խնդիրներ, կրնան այցելել Մամիկոնեան 17 («Աննաբելլա» հիւրանոց), ուր կը կազմակերպուին ամերիկեան հանրայայտ «Սթարքի» (Starkey) ընկերութեան կողմէ արտադրուած լսողական սարքերու ընտրութեան, յարմարեցման եւ տրամադրման բոլոր գործընթացները: Այս նորագոյն ճարտարարուեստի թուային լսողական սարքերը կրնան օգնել նոյնիսկ անոնց, որոնք ունին լսողական ծանր խնդիրներ։ Սարքերուն համակարգչային յարմարեցումէն ետք շահառուները կը ստանան նաեւ սարքի հետ կապուած անվճար ծառայութիւններ ստանալու հնարաւորութիւն` անսարքութիւններու շտկման եւ հնարաւոր այլ խնդիրներու լուծման համար: Սարքերը կ՝աշխատին վերալիցքաւորուող մարտկոցներով:
«Հայաստան լսողութեան աջակցութիւն ծրագրի» հիմնադիր, «Սթարքի» հիմնադրամի ներկայացուցիչ, լսողական սարքերու մասնագէտ ամերիկահայ բարերար Հայկուհի Գաւուգճեանի հետ «Հորիզոն»-ի հարցազրոյցին կարելի է հետեւիլ տեսանիւթին միջոցով՝