
Փայլանն ու Կուսակից Պատգամաւորները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Նոր Միջնորդութիւն Ներկայացուած է
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ խորհրդարան ուղարկուած է 4 պատգամաւոր անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն: Անիկա վերահասցէաւորուած է Սահմանադրութեան եւ արդարադատութեան հարցերով խառն յանձնաժողովին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով rudaw.net-ը։
Յիշեալ միջնորդութեամբ պահանջ ներկայացուած է դադրեցնելու Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP-ԺԴԿ) 3 եւ քրտական «Ժողովրդավարական տարածաշրջանային» (DBP) կուսակցութեան 1 պատգամաւորի անձեռնմխելիութիւնը: Անոնց մէջ է նաեւ HDP-էն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը: