Հայը Համախմբուած է, Հաւատարիմ Իր Հողին ու Հաւատքին. Արցախի Աղաւնօ Համայնքին Մէջ Մկրտութիւն Կատարուած Է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնօ համայնքի Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբեր 3-ին, տեղի ունեցած է մկրտութեան արարողութիւն: Մկրտութեան սրբազան արարողութեամբ իրենց հաւատքը հաւաստագրած են Աղաւնոյի 59 բնակիչներ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Մկրտութեան արարողութիւնը իրականացած է Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ձեռամբ:

Աղաւնօ համայնքի ղեկավար, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Անդրանիկ Չաւուշեան նշած է, որ արարողութիւնը շատոնց ծրագրած էին: Ան կարեւոր համարած է այդպիսի իրագործումները:

Անդրանիկ Չաւուշեանի խօսքով՝ թշնամին պէտք է գիտնայ, որ հայը իր հողին վրայ կ՝ապրի, համախմբուած է եւ, անկախ օրուան իրավիճակէն, հաւատարիմ է իր հողին ու հաւատքին:

Լուսանկարները՝ Տիգրան Գասպարեանի Facebook-ի էջէն