
Ուաշինկթըն Միայն 2․5 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ Արցախէն Տեղահանուածներուն
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումէն մէկ տարի ետք, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման հիմնարկը խոստովանած է, թէ միայն 2․5 միլիոն տոլարի աջակցութիւն կը տրամադրէ Արցախէն տեղահանուած տասնեակ հազարաւոր գաղթականներուն։
Պատասխանելով այս մասին քոնկրեսական Ճուտի Չուի հարցումներուն, որ հիմնարկը ընդունեց Հայաստան մարդասիրական սուր տագնապ կը դիմագրաւէ Արցախէն մօտաւորապէս 90,000 գաղթականներուն հետեւանքով։
«44-օրեայ յարձակումին թիրախ դարձած Արցախի մէջ, Պայտընի վարչակազմը ոչ մէկ մարդասիրական ծրագիր իրագործած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին»,- կը շեշտէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ աւելցնելով, որ գաղթականներուն տրամադրուածը ակնկալուածէն շատ աւելի պակաս է անոնց տարրական ապաստան, ապահովութիւն, առողջապահութիւն եւ ուտեստեղէն ապահովելու գործին համար։