
«Միջանցք»-ը Ամբողջ Տարածաշրջանի Համար Հնարաւորութիւններ Պիտի Ստեղծէ. Էրտողան
Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սոչիէն Թուրքիա վերադարձին պատասխանած է իրեն ուղեկցող լրագրողներու հարցերուն՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւոր հարցերուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Թուրքիոյ նախագահը խօսած է նաեւ Հայաստանին եւ Արցախին վերաբերող հարցերու, մասնաւորապէս այսպէս կոչուած «միջանցք»-ին մասին:
Պատասխանելով այս թեմային շուրջ լրագրողներէն մէկուն հարցին՝ Էրտողանը նշած է, որ «միջանցք»-ը ամբողջ տարածաշրջանի համար կարեւոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ:
«Այստեղ իրականացուելիք մայրուղին եւ երկաթուղին ամբողջ տարածաշրջանի երկիրներուն առեւտրային եւ տնտեսական հնարաւորութիւններ պիտի տայ: Ազրպէյճանը այս միջանցքին համար լայնածաւալ աշխատանքներ կ՝իրականացնէ»,- ըսած է Էրտողանը:
Ան դարձեալ պնդած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւս կողմ է «6-եակ հարթակ» ստեղծելու իր առաջարկին: