Երիտասարդ Դաշնակցականներու Բողոքի Լուռ Ցոյցը Զայրացուցած է Լիլիթ Մակունցը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Լիլիթ Մակունցը ոստիկանութիւն կանչած է՝ ցրուելու համար երիտասարդ դաշնակցականներու բողոքի լուռ ցոյցը:

«Երկիր»-ի տեղեկութիւններով՝ Մակունցը Ուաշինկթընի մեր դեսպանատան մէջ ձեռնարկ կազմակերպած էր Հայաստանի 30-ամեակին նուիրուած: Դուրսը հաւաքուած էին երիտասարդ դաշնակցականները՝ ներսը իրականացուող ձեռնարկը որակելով վիրաւորական, երբ հայ ռազմագերիները դեռ Պաքուի մէջ են:

Ցոյցի մասնակիցներուն պնդումով՝ այս հարցը պէտք է առաջնահերթ ըլլար: Նախ դեսպանատան աշխատակիցները խնդրած են հաւաքուածներուն հեռանալ: Չեն գացած՝ պնդելով, որ ոչ մէկ օրէնք կը խախտեն:

Յետոյ, դեսպանատունը գաղտնի ծառայութիւններու աշխատակիցները հրաւիրած է՝ հաւաքուածները հեռացնելու համար:

Ի դէպ, երիտասարդներու հարցին՝ արդեօք իրենք կը խախտե՞ն որեւէ օրէնք, ոստիկանները տուած են բացասական պատասխան: