Գոռ Սահակեան Եւ Գառնիկ Չոլաքեան՝ Եւրոպայի Ախոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆինլանտայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Գոռ Սահակեան Հայաստանին ապահովեց երկրորդ ոսկի մետալը:

18 տարեկան ծանրաբարձը երկամարտի մրցումներուն, բարձրացնելով 301 քլկ․՝ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները:

Նոյն մրցաշարքին, Հայաստանի առաջին ոսկի մետալը ապահոված էր 19 տարեկան Գառնիկ Չոլաքեան` իր ետին ձգելով երկու թուրք մարզիկներ: