
Միլենա Խաչատրեան Նուաճեց Փոքր Պրոնզէ Մետալ
Ֆինլանտիայի Ռովանիեմի քաղաքին մէջ կը շարունակուի ծանրամարտի մինչեւ 20 եւ մինչեւ 23 տարեկանի Եւրոպայի առաջնութիւնը:
«Երկիր»-ի տեղեկութիւններով՝ մարզուհիները աւարտած են ելոյթները պոկում վարժութեան մէջ, ուր բաւական յաջող հանդէս եկած է Միլենա Խաչատրեան: Միլենան արդիւնաւէտ իրացուցած է իր բոլոր մօտեցումները (91քկ, 95քկ, 99քկ) եւ նուաճած է փոքր պրոնզէ մետալ: