
Այսօր Մեր Ամենակարեւոր Երդումը Զոհուած Զինծառայողներու Յիշատակին Առջեւ Պէտք է Ըլլայ. ՄԻՊ
Արցախի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանաթրքական յարձակման տարելիցին առիթով՝ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Artsakhpress.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ այսօր մեր ամենակարեւոր երդումը զոհուած զինծառայողներու յիշատակին առջեւ պէտք է ըլլայ։ Ըստ անոր, մենք երբեք ու երբեք պէտք չէ մտածենք Արցախէն հեռանալու մասին կամ ուրանալու այն ամէնը, ինչ ըրած են անոնք:
«Մեր հրապարակած զեկոյցներով, յայտարարութիւններով բազմիցս փաստած ենք, որ 2020թ. Սեպտեմբեր 27-էն 44 օր շարունակ Ազրպէյճանը գործած է ռազմական յանցագործութիւններ, եւ ատոր համար պէտք է կրէ ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ իրաւական պատասխանատւութիւն: Մեր զոհուած տղաները մեզի չեն ներեր, եթէ մենք Արցախէն մնացած այս կտորը հայկական չպահենք: Ըստ այդմ ալ այսօր Արցախի, Հայաստանի եւ, առհասարակ, ամբողջ հայութեան փոխհատուցումը այդ տղաներուն կատարածին դիմաց պէտք է ըլլայ գործով եւ ոչ թէ խօսքով, այսինքն ամէն օր, ամէն վայրկեան մտածել հայրենիքի, ազգի մասին, եւ մեր ամէն մէկ գործողութեամբ միշտ նպաստել, որպէսզի վաղը աւելի լաւը ըլլայ Արցախը»,- ըսած է Գ. Ստեփանեան: