Յուշ-երեկոյ՝ Նուիրուած Վիգէն Գրիգորեանի 70-ամեակին

Հայաստան

Oգոստոս 26-ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան պատերազմի աշխոյժ մասնակից, ԼՂՀ առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, Մարտական խաչ 2-րդ աստիճանի ասպեստ Վիգէն Գրիգորեանի 70-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Ձեռնարկի սկիզբը՝ ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին բոլոր նահատակներուն յիշատակը։

Վիգէն Սամուէլի Գրիգորեանը ծնած է 1951թ. Օգոստոս 8-ին, Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ: Եղած է լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ՝ լաւ գիտնալով, որ սորվեցնելու ամենակարճ եւ ամենահամոզիչ տարբերակը անձնական օրինակն է: Ազգային-ազատագրական շարժման սկիզբը Վիգէնը եղած է առաջին շարքերուն մէջ։

1988-ի աշնան, Տողը պաշտպանելու համար ստեղծուած ինքնապաշտպանական ջոկատի՝ «Վրէժ»-ի ֆետայի էր: Աւելի ուշ Վրէժը դարձած էր անոր կեղծանունը:

1991 Հոկտեմբեր 28-ի ընտրութիւններուն Վիգէն Գրիգորեան ընտրուած է Արցախի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր: