Ալիեւի եւ Նիկոլի Համաձայնութիւնները Պիտի Մնան Իբրեւ Իրենց Անձնական Յարաբերութիւններու Վերյուշ. ՀՀ ԱԺ Փոխնախագահի Ուղերձը
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթելեան ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ ուղերձով կը դիմէ ժողովուրդին.
Սիրելի’ հայրենակիցներ
Թուրք-ազրպէյճանական տանդէմը ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելէ ետք հայ ժողովուրդի նկատմամբ սանձազերծած է հերթական յանցագործութիւնը՝ փակելով կենսական նշանակութեան ճանապարհները՝ Հայաստանի հարաւը ստեղծելով մարդասիրական ճգնաժամ։
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութիւնը, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու, բայց իրականութեան մէջ նոր համաձայնութիւններու դիմելու ցանկութիւնը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան միակողմանի քարոզը մեզի կանգնեցուցած են հերթական դժբախտութեան շեմին։ Գործադիր իշխանութիւնը՝ իր ղեկավարով հանդերձ, կը շարունակէ չհասկնալ, որ տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատումը կ՝ենթադրէ երկկողմանի կամք ու ցանկութիւն, որ ազրպէյճանական կողմին համար ի սպառ կը բացակայի։
Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային պահանջներու պայմաններուն մէջ ի պաշտօնէ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան կոչուած անձը Սիւնիքի հայկական տարածքները խայտառակ կերպով կը կոչէ ազրպէյճանական անուանումներով՝ տուրք տալով Ալիեւի զզուելի պահանջներուն։
Սիրելի’ հայրենակիցներ, ինչպէս կը պնդէինք նախընթաց ամիսներուն՝ մեր երկիրը վտանգի տակ է, ճգնաժամը՝ չյաղթահարուած։ Փաստ է, որ գործող իշխանութիւնը ոչ ցանկութիւն, ոչ ալ, առաւել եւս, կարողութիւն ունի համախմբելու մեր հասարակութիւնը եւ պաշտպանելու մեր ժողովուրդն ու պետականութիւնը։
Թշնամին օր օրի աւելի կը լկտիանայ՝ փորձելով հասնիլ մեր պետութեան անվտանգային համակարգի ամբողջական կազմաքանդման, տարածքի կարեւոր մէկ հատուածի նուաճման եւ ցեղական զտման։ Այս պայմաններուն մէջ, գործող իշխանութիւնը կը յայտարարէ Թուրքիայէն դրական ազդակներու մասին։
Փաստօրէն, թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտական քայլերու եւ գործողութիւններու իշխանական ընկալումը այդպիսին էր։
Սիրելի’ ժողովուրդ, համախմբուելու, մեր երկիրն ու պետականութիւնը ոչնչացման վտանգէն փրկելու հրամայականը կենսական անհրաժեշտութիւն է։
Ալիեւը վերստին կը զգուշացնենք՝ հայ ժողովուրդը չէ’ հանդուրժած եւ պիտի չի’ հանդուրժէ եւս մէկ համաձայնութիւն, իսկ իր եւ Նիկոլի համաձայնութիւնները պիտի մնան իբրեւ իրենց անձնական յարաբերութիւններու վերյուշ։
