Ազրպէյճանցիները Գորիս-Կապան Ճանապարհին Մօտ Խրամատներ Փորած Են. Sputnik Արմենիա

Աշխարհ, Հայաստան

Սահմանամերձ Որոտան գիւղին մէջ գտնուող Sputnik Արմենիա-ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ ազրպէյճանցի զինծառայողները փորած են Հայաստանի հարաւը գտնուող Գորիս-Կապան ճանապարհի որոշ հատուածներ։ Այս մասին թղթակիցին յայտնած են Հայաստանի սահմանամերձ Որոտան գիւղի բնակիչները, որոնք այս օրերուն յայտնուած են կիսաշրջափակման մէջ:

Անոնց խօսքով ՝ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանցի զինուորները խրամատներ փորած են իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Գորիս-Որոտան հատուածին երկու կողմերը, եւ այնտեղ, ուր փորուածքներ յայտնուած են, վրաններու եւ կառոյցներու թիւը աւելցած է:

Բացի այդ, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, ազրպէյճանցիները զինուժ կը կուտակեն գիւղէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեամբ:

Որոտանի բնակիչները թղթակիցի հետ զրոյցին ընթացքին դժգոհած են, որ զէնք չունին՝ ինքնապաշտպանուելու համար. գիւղացիները կը վախնան հակառակորդի յարձակումներէն: Անոնք չեն բացառեր, որ ազրպէյճանցիները փակած են ճանապարհը, որպէսզի գիւղացիները հեռանան այդտեղէն, որմէ ետք կը գրաւեն գիւղը:

Բացի այդ, գիւղացիներուն զգալի մէկ մասը կ՝աշխատի քաղաքներուն մէջ, որոնց հետ կապող ճանապարհները այժմ փակ են: Իսկ դպրոցի ուսուցիչներուն մեծ մասը կու գայ Գորիսէն, եւ եթէ ճանապարհի հետ կապուած իրավիճակը չլուծուի մինչեւ ուսումնական տարուան մեկնարկը, գիւղի դպրոցը պիտի մնայ առանց ուսուցիչներու:

Նշենք, որ Օգոստոս 25-էն ի վեր ազրպէյճանցի զինուորականները փակած են Կապան-Գորիս մայրուղիի Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածին երթեւեկութիւնը: Օգոստոս 26-ին, հակառակորդի զինուորականները փակած են Գորիս-Որոտան հատուածը։

Այնտեղ են հայ եւ ռուս սահմանապահները, կ՝ընթանան բանակցութիւններ։