Պէտք է Դադրեցնել Սահմանի Հարցերը Միայն Ռազմաքաղաքական Տեսանկիւնէ Դիտարկելը. Արման Թաթոյեան
ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան կը գրէ.
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի դիրքորոշմամբ՝ պէտք է դադրեցնել պետական սահմանի հետ կապուած հարցերը միայն ռազմաքաղաքական տեսանկիւնէ դիտարկելը: Ատիկա կոպիտ սխալ է:
Պետութիւնը այդ կերպով ինքզինք կը դնէ սահմանափակումներու մէջ, ստիպուած կ՝ըլլայ դիմելու միայն միջազգային ռազմաքաղաքական ատեաններ, կը դառնայ աշխարհաքաղաքական գործընթացներու զոհը եւ չի կրնար պատշաճ պաշտպանել իր բնակչութիւնը, անոր իրաւունքներն ու ազատութիւնները: Ակնյայտ է, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները միայն կ՝օգտուին ատկէ:
Ազրպէյճանական զինուած ծառայողները մեր գիւղերու մօտէն եւ ճանապարհներէն հեռացնելու գործողութիւններուն հիմքը պէտք է դնել նաեւ մարդու, սահմանային յստակ բնակիչի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ու այդ հիմքով պէտք է օգտագործել միջազգային մեքենականութիւնները (յատուկ սահմաններու հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան եւ այլն):
Մարդու իրաւունքներու խախտումներու փաստերը լիարժէք թոյլ կու տան հիմնաւորելու, որ ինքնին անոնց ներկայութիւնը կեանքի, ազատ տեղաշարժման եւ միջազգայնօրէն երաշխաւորուած միւս կենսական իրաւունքներու կոպիտ խախտում է:
Ատիկա Կառավարութեան, մեր պետութեան հնարաւորութիւն պիտի տայ լայնօրէն օգտուելու մարդու իրաւունքներու միջազգային մեքենականութիւններէն, զանազանելու այդ մեքենականութիւնները եւ նաեւ այդ կերպով զօրացնելու քաղաքական ու ռազմական բաղադրիչները:
Ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ պաշտպանելու մեր զինծառայողներու կեանքի իրաւունքը:
Անվտանգութիւն չի նշանակեր միայն քաղաքական ու ռազմական, անիկա առաջին հերթին մարդու, սահմանային բնակչութեան անվտանգ կեանքի եւ իրաւունքներու համար է:
