Ազրպէյճանը Կրակած է Հայկական Դիրքերու եւ Բնակավայրերու Ուղղութեամբ. Արցախի ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Օգոստոս 24-ին, օրուան ընթացքին եւ մինչեւ ուշ գիշեր Շուշիի մոտակայքը՝ մասնաւորապէս Շոշ եւ Մխիթարաշէն համայնքներու ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն ազրպէյճանական կողմը մշտական կրակահերթեր արձակած է հայկական դիրքերու եւ անոնց մօտակայքը տեղակայուած հայկական խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։

«Ասկերանի շրջանի Մխիթարաշէն գիւղին դիմաց տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներէն տարբեր զինատեսակներու բեկորները հասած են գիւղի բնակելի հատուած, իսկ Օգոստոս 24-ին, ժամը 22:00-ի սահմաններուն, Շուշիի հատուածէն արձակուած կրակոցներէն վնասուած է համայնքի բնակիչներէն մէկուն տունը։

Ազրպէյճանի վարքագիծը մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ, որ խաղաղ բնակավայրերու հարեւանութեամբ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերը պէտք է հեռացուին բնակավայրերէն այնպիսի հեռաւորութեան վրայ, ուրկէ հնարաւոր չըլլար ուղիղ դիտարկումով նշանառութեան տակ պահել քաղաքացիական բնակավայրերը, քանի որ անոնք անմիջական եւ իրական սպառնալիք կը հանդիսանան Արցախի ժողովուրդի կեանքին, առողջութեան եւ այլ կենսական իրաւունքներու, ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան համար։

Ազրպէյճանական զինուած ուժերու անօրինական գործողութիւններուն պատճառով կը խաթարուի սահմանամերձ դարձած բնակավայրերուն մէջ խաղաղ բնակչութեան բնականոն կեանքն ու գործունէութիւնը։

Մէկ անգամ եւս կ՝ընդգծեմ միջադէպերու քննութեան յստակ մեքենականութիւններու ներդրման կարեւորութիւնը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ պատասխանատւութեան ենթարկելու միջադէպերու հեղինակները եւ կանխելու անոնց յետագայ կրկնութիւնը»,- գրած է ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։