Գրաւուած Վարանդայի Մէջ Ազրպէյճանցիները Օդանաւի Փորձնական Թռիչք Իրականացուցած Են
2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ազրպէյճանական զինուժի գրաւած տարածքներուն մէջ յայտնուած Վարանդայի մէջ (Ֆիզուլի) կառուցուող օդակայանին մէջ իրականացուած է փորձնական թռիչք։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ «Ազրպէյճանի թռիչքուղիներ» ընկերութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ATR 42-500 տիպի մարդատար օդանաւը փորձնական թռիչք եւ վայրէջք կատարած է Վարանդայի մէջ։
Կը նշուի, որ այդ օդակայանի հիմնարկէքը տեղի ունեցած է 2021 Յունուար 15-ին, որուն մասնակցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
