Արցախի Պաշտօնեաները Պարոնուհի Քոքսի Հետ Քննարկած են Ազրպէյճանաթրքական Յարձակումներուն Հետեւանքով Արցախի Մէջ Ստեղծուած Մարդասիրական Իրավիճակը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի մասնակցութեամբ Օգոստոս 20-ին տեղի ունեցած է առցանց քննարկում՝ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտիայի Միացեալ թագաւորութեան խորհրդարանի Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի եւ Մարդասիրական օգնութեան բարեգործական կազմակերպութեան (HART-Humanitarian Aid Relief Trust) անդամներու հետ։

ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին փոխանցած տեղեկութիւններով` առցանց հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է ազրպէյճանաթրքական յարձակումներուն հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին եւ Արցախի կառավարութեան ու միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող մարդասիրական քայլերուն, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հովանիին տակ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներու վերականգման։

Արցախի ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնած են Պարոնուհի Քոքսին եւ անոր խումբին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով ներդրած ջանքերուն համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնած շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը տարբեր ծրագրերու շուրջ։

Պարոնուհի Քոքս իր յանձնառութիւնը յայտնած է շարունակելու պայքարը ազրպէյճանական վայրագութիւններու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ միջազգային կառոյցները իրազեկելու, Արցախի ժողովուրդի ձայնը լսելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական խնդիրներու կարգաւորման աջակից ըլլալու հարցով։