Երեք Զինծառայողներու Սպանութեան Կասկածանքով Ձերբակալուած է Ծառայակիցը․ ՔԿ

Հայաստան

2021 Օգոստոս 19-ին, ժամը 01:30-ի սահմաններուն, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքի կացարանին մէջ, յայտնաբերուած են նշուած մարտական դիրքին մէջ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներ, շարքայիններ Գոռ Արտակի Սահակեանի, Լեւոն Ռաֆայէլի Յարութիւնեանի եւ Մուրատ Աշոտի Մուրատեանի դիերը՝ հրազենային վնասուածքներով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ քննչական կոմիտէի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:

Դէպքին առիթով ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան երկրորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ, ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ:

Նոյն օրը՝ ժամը 17:40-ի սահամաններուն, նշուած յանցագործութիւնը կատարելու՝ ապօրինաբար դիտաւորութեամբ վերը նշուած զինծառայողները կեանքէ զրկելու կասկածանքով ձերբակալուած է անոնց համածառայակից, նոյն զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինծառայող Ա.Հ-ն:

Քրէական գործի նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Ծանուցում. Ենթադրեալ յանցանքի մէջ կասկածուողը կամ մեղադրուողը կը համարուի անմեղ, քանի դեռ անոր մեղաւորութիւնը ապացուցուած չէ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքով սահմանուած կարգով` դատարանի` օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով: