Գեղարքունիքի Հատուածին Թշնամիի Հետ Փոխհրաձգութեան Հետեւանքով Զինծառայող Մը Զոհուած է․ ՊՆ
Օգոստոս 16-ին, ժամը 18:10-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները հերթական անգամ դիմած են սադրանքի` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակելով հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով՝ ԹՇՆԱՄԻի կրակոցէն զոհուած է ՀՀ ԶՈւ N զօրամասի զինծառայող, 2002թ. ծնունդ, շարքային Արման Յովհաննէսի Յակոբեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդը ունի առնուազն երեք զոհ եւ վիրաւոր:
Նշենք, որ այսօր առաւօտեան հակառակորդի կրակոցէն զինծառայող մը եւս զոհուած էր Երասխի ուղղութեամբ։
