Ազրպէյճանական ԶՈւ Այս Պահուն Կը Կրակէ Կութ եւ Նորաբակ Գիւղերուն Վրայ․ ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը այս պահուն ուղիղ նշանառութեամբ կը կրակեն Գեղարքունիքի մարզի Կութ եւ Նորաբակ գիւղերուն վրայ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը։

Կրակոցները անընդհատ են եւ տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ: Բնակիչները կը փորձեն պատսպարուիլ:

Ազրպէյճանական զինուած ուժերու այս արարքները յանցաւոր են, ուղիղ դիտաւորութեամբ ուղղուած են մարդը կեանքէն զրկելուն, կը խաթարեն մարդոց անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը: