Թուրքիոյ Հեղեղներուն Հետեւանքով Զոհուածներուն Թիւը 27-ի Հասած է
Թուրքիոյ Աղետներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան (AFAD) յայտնած վերջին տուեալներուն համաձայն՝ հեղեղներուն պատճառով երկրի հիւսիսը գրանցուած մահերուն թիւը հասած է 27-ի։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով rudaw.net-ը։
Աղբիւրին համաձայն՝ 25 մարդ զոհուած է Կաստամոնու նահանգին մէջ, իսկ երկու ուրիշներ՝ Սինոփի։ Պարթինի մէջ կորսուած 1 քաղաքացիի որնողական աշխատանքները կը շարունակուին։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յայտարարած էր, որ Քաստամոնի, Սինոփ եւ Պարթին նահանգներուն մէջ առատ տեղումներու հետեւանքով յառաջացած հեղեղումներուն պատճառով զոհուած է 17 քաղաքացի։
