Ազրպէյճանական ԶՈւ-ն Կրակած Է Երասխի Հատուածին Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ. ՊՆ Հաղորդագրութիւն
Օգոստոս 12-ին, ժամը 17:20-էն սկսեալ, ազրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով նաեւ հրդեհուած է միջդիրքային խոտածածկոյթը:
Հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններով թշնամիին կրակը լռեցուած է:
Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:
ժամը 19:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է:
