Հայ Դիրքապահներու Պատասխան Գործողութիւններով ԹՇՆԱՄԻի Կրակը Լռեցուած է. ՊՆ Հաղորդագրութիւն
Օգոստոս 11-ին, ժամը 15:30-20:00 երկարող ժամանակահատուածը, ազրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները դարձեալ կրակած են հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Թշնամին հերթական անգամ դիմած է սադրանքի՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակելով հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուծ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:
Հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններով թշնամիի կրակը լռեցուած է: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:
Ժամը 23:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է:
