Թուրքերը Պեղումներ Կ՝իրականացնեն Անիի Ստորգետնեայ Պատմութիւնը Վեր Հանելու Համար

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Հայոց հինաւուրց մայրաքաղաք Անիի աւերակներուն մէջ պեղումներ կը կատարուին։ Միաժամանակ 4 տարբեր կէտերու մէջ իրականացուող պեղումնային աշխատանքներուն կը մասնակցին Թուրքիոյ 12 տարբեր համալսարաններէ արուեստի պատմութեան մասնագէտներ, հնագէտներ, ճարտարապետներ եւ վերականգնող մասնագէտներ։

Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, յայտնած է «Անադոլու» թրքական պետական լրատուական գործակալութիւնը։ Թրքական լրատուամիջոցը բնականաբար չէ նշած Անիի հայկական ծագման մասին, այլ բաւարարուած է միայն յիշատակելով Բագրատունիները։

Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Մշակութային հարստութիւններու եւ թանգարաններու ընդհանուր տնօրինութեան եւ Կովկասի համալսարանի համատեղ ջանքերով կատարուող պեղումնային աշխատանքները կը ղեկավարուին դոկտոր Մուհամմէտ Արսլանի կողմէ։

Վերջինս «Անադոլու» գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ պեղումները սկսած են 2019-ին։ Պեղումներուն ընթացքին հայտնաբերուած բոլոր գտածօները կը յանձնուին թանգարաններուն։ Արսլան նաեւ նշած է, թէ պեղումները իրականացնող խումբին մէջ ընդգրկուած են 35 հոգի, ներառեալ՝ ուսանողներ։

Անիի մէջ իրականացուող այս պեղումնային եւ վերականգնողական աշխատանքներուն հիմնական նպատակը Մանուչէի մզկիթը եւ իսլամական բնոյթի այլ շինութիւններ վերանորոգելն է։

Այսպէս, աղբիւրին համաձայն, պեղումներուն հետեւելու նպատակով Անի այցելած Կարսի նահանգապետ Թիւրքեր Օքսիւզը լրագրողներուն յոյս յայտնած է, որ «Անատոլիայի առաջին մզկիթը» համարուող Մանուչէի մզկիթը Օգոստոս 16-ին պիտի բացուի իսլամական արարողութիւններուն համար։

Թարգմանեց Մելինե Անումեան (Akunq.net)

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը