Մալաթիոյ Վերանորոգուած Հայկական Եկեղեցիին Մէջ Պատարագ Պիտի Մատուցուի
Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն (Երեք խորան) հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգումը աւարտած է։ Կառոյցը այսուհետեւ պիտի ծառայէ իբրեւ եկեղեցի եւ մշակութային կեդրոն։ Առաջին պատարագը կը նախատեսուի Օգոստոս 29-ին։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը յայտնէ պոլսահայ «Ակօս»-ը։
.jpg)
Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցին նախքան վերանորոգումը
Ըստ աղբիւրին՝ Մալաթիոյ HAY-DER կազմակերպութենէն Գէորգ Օզքարագիոզ յայտնած է, թէ եկեղեցին 100 տարի շարունակ եղած է աւերակ վիճակի մէջ, շինութեան՝ եկեղեցւոյ առնչուող հատուածներու վերանորոգումը ստանձնած է Մալաթիոյ HAY-DER կազմակերպութիւնը, որ վերականգնած է սրբավայրին խորանները եւ մկրտարանը։

Մալաթիոյ Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցին 1906թ.
Եկեղեցին այսուհետեւ պիտի ունենայ երկու գործառոյթ․ այնտեղ պիտի կազմակերպուին հայկական համայնքի պատարագի, մկրտութեան եւ պսակադրութեան արարողութիւնները, սակայն հայկական սրբատեղին պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ մշակութային կեդրոն։ Եկեղեցւոյ մուտքին մօտ 3 լեզուով (թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն) գրուած է «Մալաթիոյ Երեք խորան եկեղեցի-Թաշհորան մշակութային կեդրոն»։
.jpg)
Կառոյցը երկար ժամանակ Մալաթիոյ քաղաքապետարանի գրանցամատեանին մէջ արձանագրուած եղած է իբրեւ եկեղեցի։
Սոյն թուականի Օգոստոս 26-ին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ վերաբացման պաշտօնական արարողութիւնը, Օգոստոս 28-ին եկեղեցին պիտի օծուի
Կ․Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանի ձեռամբ, իսկ յաջորդ օրը՝ Օգոստոս 29-ին, պատրիարքը անձամբ պիտի վարէ առաջին պատարագին արարողութիւնը։
