ՔՊ-ն Մերժեց Արցախի Հարցերով Մշտական Յանձնաժողովի Ստեղծումը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովը Օգոստոս 6-ին քննարկած է մշտական յանձնաժողովներ ստեղծելու առաջարկները: «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը առաջարկած է Առողջապահութեան հարցերով մշտական յանձնաժողով ստեղծել՝ զայն առանձնացնելով հասարակական հարցերէն, իսկ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները առաջարկած են ստեղծել Արցախի հարցերով մշտական յանձնաժողով, որ պէտք է զբաղի պատերազմի հետեւանքներով:

«Երկիր»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ մէկ օր տեւած քննարկումներէն ետք քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք ընդունուած է իշխանութեան նախագիծը, իշխող ՔՊ խմբակցութիւնը չէ քուէարկած Արցախի յանձնաժողով ստեղծելու օգտին: