
Աւստրալիոյ (ACT) Ազատական Երիտասարդական Շարժումը Միաձայնութեամբ Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը կը յայտնէ, թէ Աւստրալիոյ մայրաքաղաքային տարածքի (ACT) ազատական երիտասարդական շարժումը միաձայնութեամբ ճանչցած է 1915-1923թթ․ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը։
Երիտասարդական շարժումը ճանչցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ քննադատելով Արցախի բնիկ ժողովուրդին դէմ յարձակումները` զանոնք դիտարկելով իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակականութիւն։
Բանաձեւին ընդունումը առաջնորդած է աւստրալահայ Սոֆի Պիորգմանը, որ նոյն երիտասարդական շարժման activist-ներէն է։
Այս առիթով՝ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան նկատած է․ «Հիանալի է տեսնել քաղաքականապէս աշխոյժ երիտասարդ աւստրալացիներու, այս երկրի ապագայ առաջնորդներու դիրքորոշումը մարդու իրաւունքներու այնպիսի կարեւոր հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը։
Մենք շնորհակալ ենք տիկին Պիորգմանին եւ անոր գործընկերներուն՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողմը կանգնելու համար: Մենք կը շարունակենք պահանջել դաշնային կառավարութենէն` համարձակութիւն ունենալու` հետեւելու նման քայլերուն եւ ճանչնալու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելու անոր շարունակութիւնը՝ Թուրքիոյ կողմէ աջակցուող ազրպէյճանական բռնապետական վարչաձեւին կողմէ Արցախի մէջ հայերը իրենց հայրենիքէն վտարելու փորձը»։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
02.08.2021 թ.