Եւրոխորհրդարանականները Դատապարտած են Հայաստանի Տարածքին Հանդէպ Ազրպէյճանի Յաւակնութիւնները

Աշխարհ, Հայաստան

Մենք կը դատապարտենք, մասնաւորապէս, Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու վերջերս ըրած յայտարարութիւնները այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Զանգեզուր»ի մասին, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը իբրեւ Ազրպէյճանի «բուն հող» յիշատակումները։ Նման յայտարարութիւնները չափէն աւելի անպատասխանատու են եւ կը սպառնան տարածաշրջանային անվտանգութեան յետագայ խափանումով։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսուած է Եւրոխորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու գծով պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Գալիւրանտի, Հայաստանի հարցերով Եւրոպական խորհրդարանի մշտական զեկուցող Անտրէյ Գովաչեւի, Ազրպէյճանի հարցերով զեկուցող Ժէլիանա Զովգոյի համատեղ յայտարարութեան մէջ։