Վերին Շորժան Կը Գտնուի Ազրպէյճանական Զինուած Ուժերու Նշանառութեան Տակ․ ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

«Վերին Շորժա գիւղին եւ գիւղի սարատեղիին մէջ փաստահաւաք աշխատանքները կ՝ապացուցեն, որ բնակավայրը կը գտնուի ազրպէյճանական զինուած ուժերու նշանառութեան տակ: Անոնք պարբերաբար կը կրակեն գիւղի եւ քաղաքացիական բնակիչներով բնակեցուած սարատեղիի ուղղութեամբ:

Բացի այն, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը անօրինական տեղակայուած են ՀՀ ինքնիշխան տարածքին վրայ, կը գտնուին ՀՀ բնակիչներուն օրինական փաստաթուղթերով պատկանող հողատարածքներուն վրայ` օրինակ, միայն այս հատուածին մէջ նուազագոյն հաշուարկներով աւելի քան 1,200 հա արօտավայր, 220 հա խոտհարք, 250 հա վարելահող: Այս մասին առկայ են առարկայական ապացոյցներ:

Կը շարունակուին արձանագրուիլ կենդանիներու գողութիւններ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ, որոնք այդպէս ալ չեն վերադարձուած, նաեւ՝ անոնց կրակոցներէն կենդանիներու սատկելու դէպքեր:

Աւելին, այս տարածքներու անմիջապէս դիմաց գտնուող հողերը նոյնպէս հնարաւոր չըլլար օգտագործել, քանի որ նշանառութեան տակ են ու մարդոց մօտենալու պարագային ազրպէյճանական զինծառայողները կը կրակեն:

Բնակիչները նշած են, որ ազրպէյճանական կրակոցները կը կանխուին շնորհիւ ՀՀ զինուած ուժերու կանխարգելիչ կրակոցներուն, որոնք նպատակ ունին պաշտպանելու մարդոց կեանքն ու առողջութիւնը:

Այսինքն`ազրպէյճանական զինուած ուժերը կը խաթարեն քաղաքացիական բնակիչներու կեանքի իրաւունքն ու առողջութիւնը, մարդոց խաղաղութիւնը, սեփականութեան իրաւունքն ու բնականոն կեանքը, թոյլ չեն տար գիւղատնտեսութեամբ զբաղիլ:

Ազրպէյճանական տեղակայումներն ու նկարագրուած արարքները բացայայտ կ՝ոտնահարեն միջազգայնօրէն երաշխաւորուած մարդու իրաւունքները եւ միջազգային իրաւունքով արգիլուած են:

Այցին արդիւնքները պիտի ներկայացուին միջազգային կառոյցներուն (ՄԱԿ, ԵԽ, ԵՄ եւ այլն), ինչպէս նաեւ ՀՀ պետական համապատասխան մարմիններուն»,-գրած է ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեան: