Վիրաւորուած Զինծառայողները Կը Հաստատեն, Որ Իրենք Կը Կանխեն Ազրպէյճանական ԶՈւ-ի Կողմէ ՀՀ Գիւղերու Ուղղութեամբ Արձակուող Կրակոցները. ՄԻՊ
Այսօր Գեղարքունիքի մէջ վիրաւորուած զինծառայողները հիւանդանոցին մէջ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ներկայացուցիչներուն հաստատած են, որ իրենք կը կանխեն ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ ՀՀ գիւղերու ուղղութեամբ արձակուող կրակոցները եւ կը կատարեն ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան անմիջական պաշտպանութեան գործառոյթ:
Մասնաւորապէս, այսօր՝ 2021 Յուլիս 28-ին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ներկայացուցիչները այցելած են զինուորական հիւանդանոց եւ տեսակցած Գեղարքունիքի մարզի Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժա գիւղերուն ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուած ուժերու հրահրած կրակոցներէն վիրաւորուած զինծառայողներուն:
Այցին ընթացքին տեղի ունեցած են առանձնազրոյցներ: Զինծառայողները տեղեկացուցած են, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերը վերջին օրերուն կրակոցներ կ՝արձակեն հայկական դիրքերուն եւ մօտակայ գիւղերուն ուղղութեամբ: Զինծառայողները նաեւ յայտնած են, որ Յուլիս 28-ին՝ ժամը 03:40-04:00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական կողմի կրակոցները աւելի անմիջական դարձած են: Ի դէպ, ազրպէյճանական զինծառայողները կիրառած են տարբեր տրամաչափի զինատեսակներ, ինչպէս՝ ականանետներ, դիպուկահար հրացաններ, գնդացիրներ եւ այլն:
Ազրպէյճանական զինծառայողները թիրախ դարձուցած են հայկական դիրքերու հարեւանութեամբ գտնուող քաղաքացիական բնակավայրերը` Գեղարքունիքի գիւղերը, որոնց պաշտպանութեան իբրեւ արդիւնք վիրաւորուած են հայ զինծառայողները։
Այցին ընթացքին ուսումնասիրուած են վիրաւորուած զինծառայողներուն բժշկական փաստաթուղթերը, անոնց առողջական վիճակը քննարկուած է հիւանդանոցի բուժանձնակազմին հետ:
Զինծառայողները ստացած են տարբեր վէրքեր (ուսայօդի, դէմքի, ազդրի եւ այլն), չորս զինծառայողներէն մէկուն վիճակը բժիշկները գնահատած են թեթեւ ծանր, երկուքինը՝ միջին, միւսինը՝ ծանր:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը կ՝ամփոփէ հաւաքագրուած տեղեկութիւնները: Զինծառայողներու առողջական վիճակը Պաշտպանի աշխատակազմի անմիջական ուշադրութեան տակ է:
ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը մէկ անգամ եւս կը նշէ, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ծառայողներու կրակոցները կ՝արձակուին ՀՀ գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ, ներառեալ՝ գիւղերու ուղղութեամբ: Փաստերը կը հաստատեն, որ ազրպէյճանական կրակոցները ամէն անգամ հնարաւոր կ՝ըլլայ կանխել միայն ՀՀ զինուած ուժերու պատասխան կրակոցներուն շնորհիւ, որոնք կը պաշտպանեն մեր բնակիչներուն իրաւունքները, կեանքն ու խաղաղութիւնը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին գնահատականով՝ այս պայմաններուն մէջ ազրպէյճանական իշխանութիւնները պատասխանատւութիւն կը կրեն այսօրուան կրակոցներով բնակիչներու իրաւունքներուն խախտումներուն, ՀՀ 3 զինծառայողներու սպանութեամբ անոնց իրաւունքները խախտելու եւ վիրաւորուածներու առողջութեան հասցուած վնասին համար:
Արման Թաթոյեան
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան
