«Մարտական Դիրքի Անձնակազմը Մինչեւ Վերջ Մարտնչած է». Բացառիկ Պատկերներ Յարձակման Ենթարկուած Դիրքէն

Աշխարհ, Հայաստան

«Զինուժ» մետիան բացառիկ պատկերներ հրապարակած է այսօր յարձակման ենթարկուած դիրքէն եւ զրուցած է մարտական  գործողութիւններուն մասնասկցած զինծառայողներու հետ:

«Մարտական դիրքի անձնակազմը մարտ վարած է, մարտնչած է մինչեւ վերջ, պահած հարեւան դիրքը, դիրքի մատոյցները գրաւած, մինչեւ որ գումարտակը իր ուժերով կազմակերպած է հակագրոհ եւ հակառակորդին կորուստներ պատճառելով դուրս շպրտած է նախնական դիրքեր»,- ըսած է գումարտակի հրամանատար Վոլոտիա Սողոմոնեան:

Դասակի հրամանատար Հայկազ Գրիգորեան ըսած է, որ իրենց ստորաբաժանման կազմով մարտավարութիւն մշակելով, հակառակորդը շրջանցելով վերագրաւած են դիրքը:

«Յստակ ես իմ դասակի անձնակազմին հետ վարէն կը յարձակէի, հակառակորդը (ԹՇՆԱՄԻ,- խմբ.) դեռ այստեղ էր, մինչեւ մենք հասանք, հակառակորդը (ԹՇՆԱՄԻ,- խմբ.) նահանջեց»,- պատմած է ան:

Մանրամասները` տեսանիւթով