ՄԱԿ-ը Պաքուին եւ Երեւանին Զսպուածութեան Կոչ Ըրած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին աճող լարուածութիւնը մտահոգած է ՄԱԿ-ը: Այս մասին, ըստ Shantnews.am-ի, գրած է TASS-ը։

Աղբիւրին համաձայն՝ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտարարած է համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաքը՝ մեկնաբանելով Չորեքշաբթի տեղի ունեցած բախումներուն մասին հաղորդագրութիւնները։

«Մենք անհանգստութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին լարուած իրավիճակին մասին հաղորդագրութիւններուն, ներառեալ վերջին միջադէպը, որուն մասին տեղեկատւութիւն եղած է այսօր։ Հակառակ անոր, որ ՄԱԿ-ը չի կրնար ստուգել այդ հաղորդագրութիւնները՝ կոչ կ՝ընենք երկու կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերելու, հրաժարելու գործողութիւններէ, որոնք կրնան հանգեցնել աստիճանական լարուածութեան եւ առկայ հարցերը լուծել երկխօսութեան միջոցով»,- ըսած է Հաք:

Նշենք, որ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Երեքշաբթի լոյս Չորեքշաբթի՝ ժամը 03։40-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումները յարձակում ձեռնարկած էին հայ-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։

Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան` ժամը 09։20-ի դրութեամբ, հակառակորդը տալով կորուստներ, ետ շպրտուած էր։

Նախարարութիւնը նաեւ նշած էր, որ Մոսկուայի մէջ նախատեսուող բանակցութիւններէն առաջ Ազրպէյճանը նախայարձակ մարտական գործողութիւններ սկսած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ` Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժա հատուածին։ Հայկական կողմը ունի երեք զոհ, եւ չորս վիրաւոր։ Հայ-ազրպէյճանական սահմանի մնացած հատուածներուն վրայ իրադրութիւնը կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան տակ։