Լիզպոնի 5 Հերոսներու Գործողութեան 38-ամեակը Այնճարի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, Երեքշաբթի 27 Յուլիս 2021ին «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5 հերոսներու գործողութեան 38 ամեակի ոգեկոչումը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Մուսալեռ-Այնճար-ի Facebook-ի էջէն։

Նահատակներու յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ Լիզպոնի գործողութեան 5 հերոսներուն, որմէ ետք ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեղեդի Թօփալեան, ուր ան անդրադառնալով Լիզպոնի մէջ 1983 թուականին տեղի ունեցած իրողութիւններուն ըսաւ թէ , այդ մէկը պարզապէս ծրագիր մը չէր, այլ յեղափոխական բանակի գործողութիւն մը , որ մը կը կազմէր հայ դատի պահանջատիրական պայքարին, կամքին, հաւատքին եւ հայ ժողովուրդի յարատեւ վերելքի մէկ մեծ փաստը: Մարտնչումի եւ մարտիրոսութեան ռումբի հզօր դղրդիւն էր Լիզպոնի թրքական դեսպանատան ականահարման գործողութիւնը:
Ան իր խօսքը շարունակեց ու ըսաւ,38 տարիներ առաջ իրենք զիրենք ռումբի վերածած հայդուկները նոր չափանիշներ գծեցին: Մեր Լաւագոյն երիտասարդներէն կոկոն ծաղիկներով կազմեցինք փունջ մը, որոնք ռումբի փոխարէն իրենց դեռատի սրտերը պայթեցուցին դղրդացնելով համայն մարդկութեան սիրտն ու խիղճը: Իր խօսքը աւարտելով ըսաւ, մենք իբրեւ ՀՅԴ-ի երիտասարդներ կու գանք ձեզի վստահեցնելու, որ Լիզպոնի 5 հերոսներուն կողմէ մեզի վստահուած գործը պիտի շարունակենք։ Այսօր՝ 38 տարիներ ետք Լիզպոնի պատգամը կը մնայ նոյնը, «Պայքար Յանուն Արդարութեան»։ Այո, Արցախի մէջ տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմով մենք ունեցանք յայտնի եւ անյայտ, երիտասարդ նահատակներ, որոնք նոյն Լիզպոնի 5 տղոց նման ձգեցին ամէն բան եւ գացին մեր հողերուն պաշտպանը դառնալու։ Պայքարեցանք եւ աւելի եւս պիտի պայքարինք առանց յուսահատելու, իրականացնելու հանար մեր ուխտը, որն է վերադարձնել մեր բռնագրաւուած հողերը, եւ ազատ անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականին իրականացման։
Բացման խօսքին յաջորդեց Լիզպոնի 5 հերոսներուն յիշատակին նուիրուած երգը. Ուր ասմունքով հանդէս եկան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն ՝ Նարէ Փիլաւճեան, երգեցողութեան ընկերակցութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութենէն՝ Կալի Գալուստեան, Գետակ Այնթապլեան եւ Սերլի Ադամեան:
Ապա, օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամ՝ Եսայի Հաւաթեան , ուր ան ըսաւ, եղեռնի յիսնամեակէն ետք , սփիւռքի հայութիւնը այլեւս յոյս չի դրաւ խնդրագիրներու, բողոքներու եւ ցոյցերու վրայ, եւ մտածեց վերադառնալ իր յեղափոխական աւանդներուն եւ պարտադրել , որ հայկական հարցը դրուի օրակարգի վրայ եւ ստիպուիլ մտածել արդարութեան մասին: Զինեալ պայքարի վերադարձով խանգարուեցաւ թշնամին ինչպէս նաեւ խանգարուեցաւ միջազգային պետութիւններուն հանգիստը, որոնք ստիպուած եղան հաշիւ ընել այս ժողովուրդին պահանջքները, այս շարժումին փառաւոր պսակն է Լիզպոնի գործողութիւնը, որ ցնցեց քաղաքական շրջանակները: Իր խօսքը շարունակեց ու ըսաւ, այո, Լիզպոնի տղոց թափած արիւնով աւելի քանդուեցաւ այդ լռութեան պատը , որ տասնամեակներ շարունակ գոյատեւած էր եւ քանի մը տարի ետք տարբեր երկիրներ սկսան ճանչնալ հայոց ցեղասպանութիւնը, այդ մէկը մենք կը պարտինք մեր հերոս տղոց , որոնք վերադարձուցին մեր ազգի փառքն ու պատիւը: Լիզպոնի տղաքը շատ թելադրանքներ ունին մեզի «ազգը սիրեցէք, հայը սիրեցէք, Հայաստանը սիրեցէք , Պատրաստ եղէք ազգին համար պայքարի եւ Հայաստանը ամէն բանէ վեր»:
Ան անդրադառնալով անցեալ տարուայ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրողութիւններուն ըսաւ, ազգը կը գտնուի ճգնաժամի մէջ , յուսահատութիւնը համատարած կ’ըլլայ եւ թշնամին առիթ օգտագործելով կը փորձէ թափանցել Հայաստանի սահմաններէն ներս, սակայն նայելով հայոց պատմութեան հայութիւնը միշտ կրցած է դուրս գալ իր յուսահատ վիճակէն շնորհիւ սրբազան խենթերուն: Ան իր խօսքը աւարտելով ըսաւ. եկէ’ք ուխտենք , որ արժանի պիտի ըլլանք Լիզպոնի քաջերուն՝ այսօր վաղը եւ յաւիտեան:Որուն յաջորդեց մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներուն ուր անոնք ներկայացուցին Լիզպոնի 5 տղոց մասին փոքր դրուագ մը:
Այնուհետեւ, 5 պատանիներ՝ Վարանդ Այվազեան, Արսէն Տէր Ղուկասեան, Ռուբէն Քիւրտեան, Արինա Աբրահամեան եւ Արենի Այնթապլեան ներկայացուցին Լիզպոնի 5 տղոց խօսքերը:
Որմէ ետք հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Նշան Վարդանեան:
Ապա, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը յուշանուէրներ յանձնեց ներկայ նահատակ Լիզպոնի 5 հերոսներու ընտանիքներուն:
Աւարտին, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի «Ս. Պօղոս» եկեղեցի, ուր հոն նաեւ Վէրքերով Լի-ի երգեցողութեամբ վառուեցաւ «1983» թիւը խումբ մը ԼԵՄ-ականներու ջահերով:
