ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՝ընէ Անյապաղ Դադրեցնելու ԱՄՆ-ի Կողմէ Ազրպէյճանին Ռազմական Աջակցութիւնը
ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը, այսօր առաւօտեան հայ-ազրպէյճանական սահմանին ծաւալած մարտական գործողութիւնները հաշուի առնելով, կրկին դիմած է Քոնկրեսին` կոչ ընելով անյապաղ դադրեցնելու ԱՄՆ-ի կողմէ Ազրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնը:
«Նկատի առնելով այս առաւօտեան Ազրպէյճանի վերսկսած յարձակումները Հայաստանի վրայ` աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, որ Քոնկրեսը անյապաղ դադրեցնէ ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանի սրիկա, ռասիստ, քարիւղով հարուստ Ալիեւի բռնապետութեան»,- նշուած է Հայ Դատի յայտարարութեան մէջ:
