Վահան Արծրունին Պիտի Ներկայանայ «Երկիր Արմենիա, Երազ Արմենիա» Խորագիրը Կրող Համերգով

Աշխարհ, Հայաստան

«Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ Յուլիս 22-ին, ժամը 19։00-ին, «Երկիր Արմենիա, երազ Արմենիա» խորագիրը կրող համերգով պիտի ներկայանայ մշակութային գործիչ, երգահան, երգիչ Վահան Արծրունին: ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ համերգային երեկոյին պիտի հնչեն երգահանի՝ Կոմիտասի, Ռազմիկ Դաւոյեանի եւ իր հեղինակած բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած երգեր: Համերգի բեմի ձեւաւորումը իրականացուցած է «Արդեան» կազմակերպութիւնը:

Վահան Արծրունին յառաջադէմ հայ ստեղծագործող է, որ, հաւատարիմ մնալով հայ երաժշտութեան աւանդոյթներուն, համադրելով ազգային, ակադեմիական եւ ժամանակակից երաժշտութեան արտայայտչամիջոցները, իր արուեստով կը հաստատէ ուրոյն մշակութային տեսակ եւ արժէքային համակարգ։ Կը ստեղծագործէ երաժշտութեան բազմաթիւ ոլորտներու մէջ` կամերային երաժշտութենէն մինչեւ ռոք եւ ֆիւժն, ելեկտրոնայինէն` սիմֆոնիկ եւ հոգեւոր երաժշտութիւն։