«Հայաստան» Դաշինքը Կ՝որոշէ Վերցնել Պատգամաւորական Աթոռները. Յայտարարութիւն
Հայրենակիցնե՛ր
Սահմանադրական դատարանը Յուլիս 17-ի իր որոշումով Հայաստանի մէջ իրականացած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքը անվաւեր չի ճանչցաւ։ Անտեսելով վարչական աղբիւրի գօտագործման, Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու խախտման ու կեղծիքներու բազմաթիւ փաստերը, տեղի տալով իշխող քաղաքական խմբակի ճնշումներուն՝ Բարձրագոյն դատարանը հրաժարեցաւ Սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած առաքելութենէն։
Իբրեւ արդիւնք՝ երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու հնարաւորութիւնը ոչ միայն չօգտագործուեցաւ, այլեւ աւելի խորացաւ՝ վտանգելով Հայաստանի պետականութեան գոյութիւնն ու երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը։
Այս պայմաններուն մէջ «Հայաստան» դաշինքը, կարեւոր համարելով դեռ 2020 Նոյեմբերին սկսած ժողովրդական շարժման եւ ընտրութիւններուն իրեն ձայն տուած առնուազն 270 հազար քաղաքացիներու ակնկալիքներն ու պահանջը, կ՝որոշէ վերցնել պատգամաւորական աթոռները՝ ստանձնելով նաեւ խորհրդարանին մէջ պայքարը շարունակելու պատասխանատւութիւնը:
Մենք ամբողջութեամբ կը գիտակցինք մեր պատասխանատւութիւնը մեր ընտրողներու, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան առջեւ՝ այս կործանարար ընթացքը կասեցնելու, ազգային նպատակներուն ծառայող, նոր որակի իշխանութիւն ձեւաւորելու, հայութեան ամբողջական ներուժը համախմբելու, մեր երկիրը ամրապնդելու եւ զարգացման ուղի դուրս բերելու հարցով։
Պայքարը կը շարունակուի։
«Հայաստան» դաշինք
20.07.2021 թ.
