ՀՅԴ Հայ Դատի Պելճիքայի Յանձնախումբը Բողոքի Նամակ Ուղղած է Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Պելճիքայի յանձնախումբը բաց նամակ յղած է Պելճիքայի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Սոֆի Վիլմեսին՝ իր բողոքը արտայայտելով Ազրպէյճանի մէջ Պելճիքայի դեսպանի մասնակցութեան Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած հայկական տարածքներ, մասնաւորապէս Շուշի այցին: Պելճիքայի կողմէ մասնակցութիւնը այդ այցին խստօրէն դատապարտուած է հայ համայնքին կողմէ:

Տիկին նախարար, մենք զարմացանք, երբ գիտցանք, որ Պաքուի մէջ գտնուող պելճիքացի դիւանագէտը քանի մը օր առաջ օտարերկրեայ դեսպաններէն եւ դիւանագէտներէն մէկն էր, որոնք ընդունեցին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ՝ պատմականօրէն հայկական Շուշի քաղաք այցելելու հրաւէրը, որ այժմ կը գտնուի Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ: Պելճիքայի մասնակցութիւնը այս այցին խստօրէն կը դատապարտուի Պելճիքայի հայ համայնքին կողմէ:

Ընդունելով այս հրաւէրը ՝ պելճիքական դիւանագիտութիւնը, փաստօրէն, մասնակցած է Ազրպէյճանի մենատիրական վարչաձեւի քարոզչական արշաւին, որուն նպատակն է արդարացնել ցեղական զտումն ու պատերազմական յանցանքները, որուն հետեւանքով ամիսներ առաջ տուժած է Շուշիի, ինչպէս նաեւ Արցախի միւս հատուածներու բնիկ հայ բնակչութիւնը:

Ասիկա լրջօրէն կը վտանգէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շարունակական ջանքերը՝ գտնելու տեւական, խաղաղ ու արդար կարգաւորում Արցախի հակամարտութեան համար: Պելճիքական կողմին մասնակցութիւնը մեզի շատ աւելի զարմացուց՝ հաշուի առնելով նաեւ այն, որ Պելճիքան եւ Դուք անձնապէս Ձեր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ջանքերուն: Ուստի, շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ հետեւէիք համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու օրինակին, որոնք հրաժարեցան մասնակցելէ այս ուղեւորութեան: Անոնց կողմէ հրաժարիլը յստակ ուղերձ էր առ այն, որ հակամարտութիւնը դեռ կարգաւորուած չէ:

ԵԱՀԿ-ի երեք հիմնական սկզբունքներէն երկուքը `բռնութեան չկիրառումը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը, խախտուած է Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմին ընթացքին: Ազրպէյճանական վարչակարգը իր հերթին կը հպարտանայ, որ «հայերը շուներու պէս վտարեց» Արցախէն ՝ կործանարար պատերազմի միջոցով, որուն կ՝աջակցէին Թուրքիան եւ սուրիացի ահաբեկչական վարձկանները:

Տիկին նախարար, հաւանաբար տեղեակ էք, որ տասնեակ հազարաւոր հայեր ստիպուած եղած են փախչելու Արցախէն՝ ազրպէյճանական զօրքերու բարբարոսութիւններուն պատճառով: Հայերու ցեղական զտումներու աւարտէն ետք՝ Ազրպէյճանը այժմ ձեռնամուխ կ՝ըլլայ մշակոյթի կեղծման ծրագրին: Ան նաեւ կը խթանէ լարուածութիւնը Հայաստանի հետ սահմանին ՝ ոտնձգութիւն կատարելով Հայաստանի տարածքային ինքնիշխանութեան վրայ»,- նշուած է Պելճիքայի ԱԳ նախարարին ուղղուած նամակին մէջ:

ՀՅԴ Հայ Դատի Պելճիլայի յանձնախումբէն նշած են, որ Պելճիքայի մասնակցութիւնը այս այցին կը հակասէ արտաքին գործոց նախարարի անձնական կոչերուն, որմով պահանջ ներկայացուած էր անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները, որոնք Պաքուի բանտերուն մէջ կ՝ենթարկուին անմարդկային ու նուաստացնող վերաբերմունքի:

«Մենք նաեւ կը ցաւինք, որ Պելճիքայի կառավարութիւնը կ՝անտեսէ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատի 2020 թ. Դեկտեմբերին ընդունած բանաձեւը, ուր յստակ դատապարտուեցաւ ազրպէյճանական յարձակումը եւ պահանջ ներկայացուեցաւ ազրպէյճանական զօրքերը անյապաղ դուրս հանելու պատմականօրէն հայկական տարածքներէն, ներառեալ՝ Շուշի քաղաքէն»: