Ամերիկահայերը Իրենց Աւանդութիւններով, Մշակոյթով Եւ Աշխոյժ Համայնքներով Հարստացուցած Են Այս Երկիրը. Շիֆ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 15 Յուլիսին, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ յայտարարեց, թէ 2022ի դաշնակցային ամավարկի նախագիծին մէջ, 950,000 տոլարի աջակցութիւն ապահոված է Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուլիք Հայ-ամերիկեան թանգարան-մշակութային կեդրոնին համար։

«Ամերիկահայերը կարեւոր մէկ մասնիկն են այս երկրին եւ իրենց աւանդութիւններով, մշակոյթով եւ աշխոյժ համայնքներով հարստացուցած են զայն։ Անոնց պատմութիւնը նաեւ ամերիկեան պատմութիւն մըն է, պատմութիւն մը յոյսի եւ յարատեւման՝ զանազան դժուարութիւններու դիմաց։ Թանգարանը այս պատմութիւնն է, որ պիտի մատուցէ գալիք սերունդներուն»,- յայտնեց Շիֆ։

«Երախտապարտ ենք քոնկրեսական Շիֆին, որ հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ եւ գործնականապէս կը շարունակէ զօրակցիլ այս ծրագիրին։ Դաշնացային աջակցութիւն ապահովելու՝ քոնկրեսականին ջանքերը մեծապէս պիտի նպաստեն ծրագիրին իրականացման»,- ըսաւ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց այս քայլը՝ շեշտելով, որ Հայ Դատը կը ջատագովէ թանգարանի ծրագիրին համար հանրային գումարներու ապահովումը։