
Կլենտէյլի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Պատմական Հիմնարկէքը
Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ 11 Յուլիսի յետմիջօրէին, մասնակցութեամբ առաւել քան 1000 հանդիսատեսներու։
Բացման խօսքը արտասանեց KTLA5 կայանի լրագրող Էլինա Աբովեան, որ նաեւ հանդիսավարն էր։ Ան հարցազրոյցներ կատարեց Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեանի, փոխատենապետ Զաւէն Գազազեանի, հոգաբարձութեան անդամ Լեւոն Ֆիլեանի, ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեանի, ձեռնարկի հովանաւորներէն՝ Pacific BMW-ի ներկայացուցիչ Վահրամ Դաւթեանի հետ, իսկ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըր տեսանիւթով պատգամ մը յղեց։

Փօլա Տիվայն եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները
Ապա, թանգարանին ղեկավարութեան անունով, գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան ողջունեց ներկաները եւ ձեռնարկին առցանց հետեւողները։
ՀԲԸՄի երգչախումբէն Ալեքսանտրա եւ Լիլիա Եարալեանները կատարեցին քայլերգները, որմէ ետք թանգարանի հոգաբարձական կազմի համաատենապետներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի փոխարէն՝ հայր Արմենակ Պետրոսեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեան միասնաբար կատարեցին հիմնարկէքի արարողութեան օրհնութեան աղօթքը:
Կլենտէյլի քաղաքապետ Փօլա Տիվայն եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեան, Վրէժ Աղաճանեան, Արտի Քասախեան եւ Տենիըլ Պրոթմըն արտայայտուեցան թանգարանի ծրագիրի կարեւորութեան մասին։
Հոգաբարձութեան համագանձապահ եւ հիմնարկէքի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Եագուպեան (ՀԲԸՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան) շեշտեց այս ծրագիրին յաջողութեան մէջ համայնքին միացեալ ջանքերուն կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ թանգարանը հոյակապ կամուրջ մը պիտի ըլլայ անցեալին եւ ապագային միջեւ։

Թալին Եագուպեան
Ելոյթներ ունեցան նաեւ ծրագիրին շարունակաբար նեցուկ կանգնած Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ։
Ապա Պերճ Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրին զօրակցող նուիրատուներուն եւ բեմ հրաւիրեց Քեւըն եւ Ալեքսիա Գէւոնեաները, որոնք յատուկ պատգամ մը փոխանցեցին իրենց ընտանիքին անունով՝ շեշտելով մեր մշակոյթը պահպանելու կարեւորութիւնը։ Այնուհետեւ, Կարապետեան յայտարարեց, թէ Գէւոնեան, ինչպէս նաեւ Առաքելեան ընտանիքները որոշած են մէկ միլիոնական տոլար նուիրել թանգարանին։

Պերճ Կարապետեան Գէւոնեաներուն հետ
Ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորողներն էին՝ Armen Living, Athens Services, Ճեք եւ Մարօ Գալայճեաններ, Bank of America, The GASKA Alliance Foundation, Pacific BMW, «Տիգրանեան» հիմնարկութիւն եւ Տէյվիտ եւ Մարկրիթ Մկրուպլեաններ։
Ներկաները վայելեցին նաեւ «Էլեմընթ» նուագախումբէն «Տապանճեան քառեակ»ին կատարումները եւ «Արուեստ» ճաշասրահի ճաշերը։
Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը.