
ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի Յանձնախումբը Բողոքի Նամակով Կը Դատապարտէ Երկրի Դեսպանին Շուշի Այցը
ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբը երկրի ԱԳ նախարար Նիքոս Տենտիասին բողոքի նոտա յղած է Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոլայոս Բիբերիկոսի՝ Շուշի քաղաք, այցին առնչութեամբ: Բաց նամակին մէջ կը նշուի, որ հայ համայնքը իր զարմանքն ու անհանգստութիւնը կը յայտնէ յոյն դեսպանի՝ գրաւուած հայկական Շուշիի մէջ Ալիեւի կազմակերպած սադրիչ այցի մասնակցութեան առնչութեամբ ու ցանկացած է հասկնալ՝ տօնա՞ծ են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելու Ազրպէյճանի ատելութեամբ լի գործողութիւնները, թէ՞ պատուած են բռնապետը, որ անօրինական կերպով դեռ կը պահէ հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը:
Յարգելի նախարար
Ի զարմանս եւ մեծ անհանգստութիւն մեզի՝ տեղեկացանք Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան պարոն Նիքոլաոս Բիբերիկոսի` Ալիեւի վարչաձեւին կողմէ կազմակերպուած սադրիչ տօնակատարութեան մասնակցելուն մասին: Բառացիօրէն հետեւելով Անգարայի պահանջներուն եւ նմանատիպ սադրիչ խնճոյքներուն, որոնք կազմակերպած էր Էրտողանը գրաւուած Կիպրոսի մէջ, Ազրպէյճանի նախագահը հրաւիրեց պետութիւններու ներկայացուցիչները «տօնել»ու իր հետ: Ի՞նչը տօնել: Ազրպէյճանի ատելութեամբ լի գործողութիւնները, որ կը շարունակէ խախտել պայմանաւորուածութիւնները եւ ներխուժել Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, թէ՞ «պատուել» բռնապետը, որ Արցախի մէջ աղետալի պատերազմի աւարտէն ետք անօրինական կերպով կը պահէ հայ ռազմագերիներն ու խաղաղ բնակիչները:
Պատահական չէր, որ Մինսկի խումբի երկիրները (Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ Գերմանիան եւ Միացեալ Թագավորութիւնը հրաժարեցան ձեռնպահ մնալէ խայտառակ տօնակատարութեան, որ նպատակ ունէր ապակողմնորոշելու հասարակութեան կարծիքը Ազրպէյճանի սարսափելի յանցագործութիւններէն:
Դժբախտաբար, Յունաստանը պէտք է առաջինը արձագանգէր, քանի որ այցը կազմակերպուած էր պատմական Ղազանչեցոց տաճարի սրբավայրին մէջ, քայքայուած գմբէթով եւ վանտալութեան զոհ դարձած՝ յիշեցնելով նմանատիպ փորձի Սոֆիայի դէպքը Պոլսոյ մէջ:
Մենք կը կարծենք, որ պետութիւններու, բայց մասնաւորապէս Յունաստանի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը այս այցին կը խրախուսէ Ալիեւի աղաղակող ու ամբարտաւան վարչաձեւը: Ի վերջոյ, թարմ են յիշողութիւնները Յունաստանի դէմ Ազրպէյճանի նախագահի ամօթալի յայտարարութիւններէն՝ Պաքուի մէջ պարոն Բիբերիկոյի հաւատարմագրերը յանձնելու ժամանակ:
ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հայ համայնքը խորին դժգոհութիւն կը յայտնեն այս ծաղրերգութեան մեր երկրի ներկայացուցիչին մասնակցութեան առթիւ:
Դուք շատ լաւ գիտէք, որ Ազրպէյճանը, հաւատարմօրէն պատճէնելով իր դաստիարակը, կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքի չափանիշները: Ո՞րն է Յունաստանի կողմէ տրամադրուող աջակցութեան նպատակը այս ճգնաժամային շրջանին:
Հայաստանը Յունաստանը կը համարէ իր ամենակարեւոր դաշնակիցը: Մենք կ՝ուզենք հաւատալ, որ նոյնը կը վերաբերի Յունաստանին:
Յարգանքներով՝
ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբ
Նշենք, որ Յուլիս 10–ին, Ազրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրով այդ երկրին մէջ հաւատարմագրուած 46 դեսպան այցելած էր Շուշի։ Հրաւէրը մերժած էին միայն ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպանները։