
Քոսթա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայց. Եկեղեցւոյ Սրահի Հիմնարկէք
Կիրակի, Յունիս 20-ը յիշարժան օր մըն էր Քոսթա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայց. Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Այդ օրը եկեղեցին սովորականէն աւելի բազմամարդ էր, քանզի եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մէկտեղուած էին բազում հաւատացեալ հայորդիներ, որպէսզի հաղորդակից ըլլան հոգեզմայլ արարողութիւններուն: Օրուան պատարագիչն էր թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Պատարագի վերջաւորութեան, հոգեւորականներու թափորը՝ առաջնորդ սրբազանի գլխաւորութեամբ՝ առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ կից նոր կառուցուելիք հանդիսութիւններու սրահին վայրը, ուր, ձեռամբ առաջնորդին, կատարուեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւն: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Դերիկ Ղուկասեանն ու իր տիկինը, Քոսթա Մեսայի քաղաքապետ Ճոն Սթիվընսը, փոխքաղաքապետ Թիմ Անտրէա Մարը, քաղաքային խորհուրդի անդամներ` Մանուէլ Չաւեսը, Ճէֆ Հարլին, Արլիս Ռէյնոլտսը, աշխատակազմի ղեկավար Ալեքս Կոնսալեսը, ինչպէս նաեւ թեմի տարբեր ծուխերէն ժամանած հոգեւորականներ, մտաւորականներ, թեմական զանազան կառոյցներու ներկայ եւ նախկին պատասխանատուներ:
Արարողութներու աւարտին տեղի ունեցած ճաշկերոյթի ընթացքին, ներկաներէն` ծխական խորհուրդի ատենապետ Մայք Հոլիս, շինարարական կոմիտէի նախկին ատենապետ Արամ Պասենեան, ծուխի նախկին հովիւՄուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան եւ ներկայ հովիւ Սերովբէ քհնյ. Ալանճեան, արտայայտեցին իրենց սրտի ցանկութիւնները եւ ծուխի ապագային վերաբերեալ իրենց տեսլականները: Օրուան հանդիսավարն էր Փօլ Խաչիկեան:
Ձեռնարկի աւարտին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց Քոսթա Մեսայի համայնքի անդամներուն` ըսելով. «Եկեղեցւոյ եւ համայնքային հիմնադիրներու կողմէ կեանքի կոչուած այս գեղեցիկ ծրագիրը, որ համակուած է նոր ուժով եւ այդ նորի խոստումը կատարելու պարտաւորութեամբ եւ իրագործումով, արժանի է միայն գնահատանքի եւ օրհնութեան: Ջանասիրութեամբ ծառայենք մեր Սուրբ եկեղեցւոյ համայնքային կեանքին` առատօրէն նուիրելով մեր տաղանդներն ու շնորհները` ի փառս եւ ի գոհութիւն Աստուծոյ»:
Սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով եզրափակուեցաւ հանդիսութիւնը:
(Քաղուած առաջնորդարանի թղթակցութենէն)