Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնը ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Գործընկերներէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Գործողութիւններով Օժանդակել Հայ Գերիներուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու ղեկավարութիւններէն կը պահանջէ անյապաղ ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի կատարեն Ժընեւեան պայմանագրի պահանջները եւ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն՝ անվերապահ ազատ արձակեն հայ ռազմագերիներն ու պատանդները։ Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ամերիկեան եւ եւրոպական իշխանութիւնները կը գովաբանեն Ալիեւին կողմէ հայ գերիներու պայմանական սակարկութիւնը, այն պարագային, երբ Ազրպէյճանը միջազգային օրէնսդրութեամբ պարտաւոր է ազատելու հայ ռազմագերիները։

Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի ղեկավար Քեն Խաչիկեան կը նշէ․ «1949թ․ Ժընեւի պայմանագրերը զօրացնելու, մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան համընդհանուր արժէքները ամրապնդելու փոխարէն, ամերիկեան եւ եւրոպական իշխանութիւններու վերջին յայտարարութիւնները Ազրպէյճանին կ՝արտօնեն շարունակել ձերբակալուած պահել հայ ռազմագերիները, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ յարձակումներու ժամանակ առեւանգել զինուորներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել շինծու դատավարութիւններ կեղծ յայտարարութիւններու եւ ապացոյցներու հիման վրայ: Այդպիսի վարքի գովաբանումը, որ աշխարհի ամենատխրահռչակ բռնապետերէն մէկուն կ՝արտօնէ օգտագործել մարդկային կեանքը՝ իբրեւ սակարկութեան առարկայ, եւ ոտնահարել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նկատմամբ իր պարտականութիւնները, խորապէս մտահոգիչ է եւ զայրացնող։ Միջազգային հանրութիւնը իր գործողութիւններով կը խրախուսէ Ազրպէյճանի՝ շարունակուող շանթաժը»։

ALC-ն կը համագործակցի Երեւանի մէջ գործող Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին (ICLaw) հետ՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ գործեր յարուցանելու եւ Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած գրեթէ 100 հայ ռազմագերիներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

Վերջերս, Ուաշինկթընի եւ Երեւանի մէջ տեղակայուած իրաւապաշտպան երկու կեդրոնները համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք ՄԻԵԴ-ի մէջ յարուցեցին եօթը լրացուցիչ գործ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ հաւաքեցին Ազրպէյճանի մէջ պահուող 90 ռազմագերուն վերաբերեալ:

Իրաւապաշտպան կեդրոնները պիտի շարունակեն հետամուտ ըլլալ շուրջ հարիւր հայ գերիներու ազատ արձակման ու անոնց կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

07.07.2021 թ.