ԱԺ Ընդդիմադիր Փոխնախագահ Ունենալը Օրէնքի Պահանջ է․ Իշխան Սաղաթելեան (տեսանիւթ)
Օրէնքի համաձայն՝ ընդդիմութիւնը պէտք է ունենայ ԱԺ փոխնախագահ, ատիկա սահմանադրական փոփոխութիւններով ամրագրուած պահանջ է։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան՝ ՀՅԴ Հայաստանի 24-րդ Գերագոյն ժողովէն ետք կազմակերպուած մամուլի ասուլիսին ժամանակ՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք ընդունելի է որ ան ըլլայ ԱԺ փոխնախագահ «ազգադաւ իշխանութեան» պարագային։
«Ատիկա օրէնքի պահանջ է, այդ հնարաւորութիւնները եւս պէտք է օգտագործէ ընդդիմութիւնը իր պահանջները առաջ տանելու համար, նաեւ 3 յանձնաժողովներու նախագահներ ունենալը, որոնք, ըստ օրէնքի, բաժին կը հասնին ընդդիմութեան։ Ատիկա մենք պիտի չի դիտարկենք իբրեւ ոեւէ մէկը պաշտօնի բերելու փորձ, այլ՝ եւս մէկ հնարավորութիւն՝ մեր պայքարին լրացուցիչ ուժ տալու համար։ Ատիկա օրէնքով ամրագրուած պահանջ է»,- ընդգծեց Իշխան Սաղաթելեան։
Ան վստահեցուց՝ ի դէմս «Հայաստան» դաշինքի կը բացառուի որեւէ համագործակցութիւն ու գուլիսային պայմանաւորուածութիւն այս իշխանութեան եւ խորհրդարանական խմբակցութեան հետ։
Մանրամասն՝ տեսանիւթով․
